2017-11-16 09:43:00

Քսան տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով. ջրհեղեղ` Աթէնքի մէջ


Երէկ յատկապէս Յունաստանի  մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ զօրաւոր ջրհեղեղ մը ողողեց մայրաքաղաքին արեւմտեան կողմը գտնուող երեք շրջաններու թաղամասերը: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, առնուազն 15 զոհ արձանագրուեցաւ նիւթական ծանր կորուստներու  եւ վնասներու կողքին:

Յունաստանի մէջ ազգային սուգ հռչակուեցաւ: Վարչապետը խոստացաւ աջակցիլ ու զօրակցիլ զոհերու ընտանիքներուն եւ տագնապահար գլխաւոր երեք գիւղաքաղաքներու բնակիչներուն:

Երկու տասնամեակներէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսքան ուժեղ անձրեւային հեղեղները տագնապահար շրջաններու բնակիչները կը մղեն նմանօրինակ հեղեղային գիշերներ անցընելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.